Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ամբողջ ընտանիքի անունով, ի հայրենիք եւ ի սփիւռս աշխարհի, մեր անվերապահ զօրակցութիւնը կը յայտնենք Լիբանանի եղբայրական ժողովուրդին եւ լիբանանահայութեան, Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած ահաւոր պայթումին հետեւանքով արձանագրուած մարդկային, բարոյական եւ նիւթական անգնահատելի կորուստին եւ վնասներուն համար:
Մեր խորազգաց ցաւակցութիւնը կը յայտնենք անմեղ զոհերուն ընտանիքներուն, շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթենք վիրաւորներուն, կամք ու կորով` լիբանանահայ մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն, դժուարին այս պայմանները յաղթահարելու համար:
Անգամ մը եւս կը հաստատենք, որ Լիբանանի մեր գաղութը եղած է, է՛ ու կը մնայ հայ ժողովուրդի կարեւոր մէկ օղակը, որ մի՛շտ ու անվերապահօրէն իր առաւելագոյնը նուիրաբերած է մեր ժողովուրդի հաւաքական բագինին, եւ մղձաւանջային պայմաններու բերումով այսօր ի՛նք կը գտնուի աննախընթաց լրջագոյն մարտահրաւէրներու դիմաց: Վերջին մէկ տարուան ընթացքին երկրէն ներս տիրող քաղաքական անկայունութիւնը, ընկերային-տնտեսական-ելեւմտական ճգնաժամը, թագավարակը եւ այս բոլորին զուգահեռ սարսափելի պայթումը իրաւամբ դարձած է անտանելի այլեւս ու անհասկնալի` մարդկային բանականութեան համար։
Հ.Յ.Դ. Բիւրօն, ահասարսուռ պայթումի առաջին իսկ վայրկեանէն մնայուն կապի մէջ է Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին հետ եւ մօտէն կը հետեւի դէպքերու զարգացումին: Հարուածը եւ ստացուած մարդկային, բարոյական ու նիւթական վնասը աննախադէպ է:
Վստահ ենք, որ Հայաստանի եւ Արցախի մեր պետութիւնները գործնապէս օժանդակութիւն պիտի ցուցաբերեն լիբանանահայ համայնքին:
Կոչ կ՛ուղղենք հայրենի եւ աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդին` ամուր կանգնելու լիբանանահայութեան կողքին, ճգնաժամի այս պահուն:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան բոլոր Մարմինները, ինչպէս նաեւ մեր ուղեկից միութիւնները` Հ.Օ.Մ., Համազգային, Հ.Մ.Ը.Մ. իրենց ամբողջ ներուժը արդէն իսկ զօրաշարժի ենթարկած են, ի խնդիր Լիբանանանի հայութեան օժանդակութեան:
Սիրելի՛ հայրենակիցներ, պահը լուրջ է: Խիստ անհրաժեշտ է, որ ազգովին, համահայկական ներուժով դիմագրաւենք այս արհաւիրքը եւ անգամ մը եւս ապացուցենք մէկ ու միասնական ազգ ըլլալու մեր հաւատամքը:
* Հարգելի ընթերցող, մեր տեքստերում վրիպակ գտնելու դեպքում, խնդրում ենք սեղմել «Ctrl+Enter» կոճակները, և բացվող պատուհանում նշել այդ մասին. այնուհետև հաստատել` սեղմելով «Ուղարկել» կոճակը