16 04 2019

Նոտր Դամն արժեք է, իսկ Ջուղայի խաչքարերը` քարաբեկորնե՞ր

Նոտր Դամն արժեք է, իսկ  Ջուղայի խաչքարերը` քարաբեկորնե՞ր

Դաշնակցական հրապարակախոս Վաչե Բրուտյանն իր ֆեյսբուքյան էջում գրել է.

«Արեւմտեան տպագիր, եթերային եւ էլեկտրոնիք մամուլը՝ Սի.Էն.Էն., Պի.Պի.Սի., Ռաշա Թուտէյ, Ֆոքս եւայլն գրեթէ քսանչորս ժամ տեւողութեամբ ամբողջ աշխարհին ուշադրութիւնը սեւեռել տուին Փարիզի Աստուածամօր տաճարին (Նոթր Տամ) հրդեհին վրայ։ Ստեղծեցին այն մտապատկերը, համոզումը, որ աննախընթաց աղէտ մը է այս եկեղեցւոյ հրդեհը եւ ծանր վնասներու ենթարկուիլը։

Հայկական ընկերային ցանցերը՝ պապէն աւելի պապական, աղիողորմ ճիչերով ու լացուկոծով լեցուած են։ Իմ համոզումովս՝ անտեղիօրէն։

Իսկ իմ վերաբերումս ծայր աստիճան ժուժկալ «կը ցաւիմ» մըն է։ Այդքան միայն։

Քանի հազարերորդ անգամը ըլլալով, Արեւմուտքը (ու ոչ միայն Արեւմուտքը) կը ցուցաբերէ երկու չափ, երկու կշիռի աղաղակող վարքագիծ մը։ Շուրջ մէկուկէս տասնամեակ առաջ, նկարահանող գործիքները արձանագրեցին, թէ ինչպէս ատրպեճանական բանակը քարուքանդ ըրաւ ու բառացիօրէն քարակոյտերու վերածեց Ջուղայի հազարաւոր խաչքարերը։ Այդ տեսաժապաւէնները շատ արագօրէն տրամադրուեցան Եւրոպական բոլոր երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւններուն։ Վարձքը կատար Վարուժան Առաքելեանին։ Պատասխանեցին բերանները ջուրով լեցուած ձուկերը, բայց նոյն այդ երկիրները, իրենց մամուլով հանդերձ՝ ոչ։ Այդ երեք կապիկներուն նման փակեցին իրենց աչքերը, ականջներն ու բերանները։

Այսօր հայկական հարիւրաւոր պատմական կոթողներ քարակոյտերու վերածուած են Թուրքիոյ պետութեան կողմէ։ Նոյն պետութեան հրահանգով գրեթէ քարուքանդ եղած է Տէր Զօրի Նահատակաց յուշարձանը։ Արեւմուտքը «լուր չունի», ինչպէս միշտ։

Հարցը ինծի համար էապէս քաղաքական է։ Երբ կ՛անտեսուի հայապատկան կոթողներուն վիճակը եւ լուսարձակները կը սեւեռին միա՛յն արեւմտեան նմանատիպ աղէտներու վրայ, հայկական կողմը, իր մամուլով, պետական օղակներով ու ընկերային ցանցերով ի՞նչ պէտք ունի իր աղիողորմ ջղաձգութիւններով ջուր լեցնելու օտար քարոզչութեան ջաղացքին։

Ինծի համար, ամէն բան քաղաքական նկարագիր ունի։ Արեւմտեան մտածողութեան բովէն անցած ըլլալով, շատ լաւ գիտեմ, թէ Արեւմուտքին համար մարդկային իրաւունքները (իրենց բոլոր ենթաբաժանումներով), կենսոլորտի պաշտպանութեան հարցերը, խօսքի ազատութեան քօղին տակ ազգային նկարագիր քանդելու միտող աղանդներուն ցուցաբերուած քաջալերանքն ու պաշտպանութիւնը կը ծառայեն միայն ու միայն ի՛ր, Արեւմուտքի՛ն շահերը առաջ մղելու նպատակին ու ոչ թէ Հայաստանի նման երկիրները «քաղաքակրթելու» առաջադրանքին։

Արեւմուտքը պատրա՞ստ է զօրակցելու Ս. Կարապետով ու Ջուղայի խաչքարերով խորհրդանշուող հայկական իրաւատիրութեան։ Մենք ինչքանո՞վ պատրաստ ենք պարտադրելու Արեւմուտքին, որ ան պարտաւո՛ր է ուշադրութիւն սեւեռելու մեր արդար իրաւատիրութեան վրայ։

Մինչեւ այդ, Նոթր Տամին նկատմամբ մեր կեցուածքը ժուժկալ «Կը ցաւինք»էն անդին պէտք չէ անցնի»։

 



* Հարգելի ընթերցող, մեր տեքստերում վրիպակ գտնելու դեպքում, խնդրում ենք սեղմել «Ctrl+Enter» կոճակները, և բացվող պատուհանում նշել այդ մասին. այնուհետև հաստատել` սեղմելով «Ուղարկել» կոճակը

Դիտել նաև
Orphus համակարգ