05 02 2022

ՀՀ իշխանությունները «Բաժանիր, որ տիրես» քաղաքականությունը որդեգրել են նաև Սփյուռքի նկատմամբ․ Հակոբ Տեր-Խաչատուրյան



ՀՅԴ օրը աշխարհով մեկ նշվում է որպես հայրենի ժողովուրդի և Սփյուռքի հայության ներկայացվող հաշտության պահ և Դաշնակցության դիրքորոշումները փոխանցելու առիթ: Այս մասին ՀՅԴ 131-ամյակի պաշտոնական հանդիսության ժամանակ իր ելույթում ասաց ՀՅԴ Բյուրոյի ներկայացուցիչ, ՀՅԴ Հայ դատի Կենտրոնական խորհրդի նախագահ Հակոբ Տեր-Խաչատուրյանը։

«Այսօր համահայկական առումով քաղաքական, պետականակերտ և ազգային ազատագրական պայքար մղող գլխավոր կազմակերպությունն է ՀՅԴ-ն, որ գործում է ամենուր, որտեղ հայ կա՝ ծառայելով Հայաստանի, Արցախի և աշխարհասփյուռ հայ ժողովուրդի բազմաշերտ կարիքներին, սատարելով ընկերային արդարության հաստատման և աննահանջ առաջ մղելով հայ դատի աշխատանքների թափը: Այս բոլորը կարողանում ենք իրագործել շնորհիվ մեր համակիրների գաղափարապաշտ հիմքի, նպատակասլաց տեսլականի հանդեպ հավատքին, մարտունակ ոգուն, անսակարկ նվիրումին, կուռ կարգապահության և ծառայելու անշահախնդիր պատրաստակամության»,- նշեց Տեր-Խաչատուրյանը:

Ելույթի շարունակությունը արևմտահայերեն՝ ստորև․

«2021ը ծանր տարի էր հայութեան համար: 2020-ի Արցախեան պատերազմի ընթացքին ամէն տարակարծութիւն մէկդի դրած` բնականաբար նուիրուած էինք հայութեան յաղթանակը ապահովելու գործին՝ տրամադրելով մարդոյժ ՀՅԴ պահեստազօրի ճամբով, ստեղծելով քաղաքական համաշխարհային հայանպաստ զօրաշարժ, յայտարարելով քարոզչական պատերազմ ընդդէմ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի շղթայազերծած քարոզչական գրոհին եւ կարեւոր նպաստ բերելով հանգանակութեան որ արձանագրեց աննախընթաց յաջողութիւն:

Կասկած չկար, որ համահայկական այս միասնութիւնը, ազգովին բռնցքուիլը անհրաժեշտ էին պատերազմի ընթացքին: Բայց պատերազմի աղիտալի արդիւնքը ցնցեց բոլորս: Հիասթափութիւնը ճնշող էր, մանաւանդ երբ յաղթանակի կեղծ տպաւորութիւններ ստեղծած իշխանութիւններուն շղարշը պատրեցաւ եւ մեր կորուստներու իսկական տարողութիւնը պարզուեցաւ:
Ազգային նուաստացումի առաջնորդած Հայաստանի ղեկավարը մերժեց արժանավայել կերպով ընդունիլ Արցախն ու Հայաստանը աղէտի պատասխանատուութիւնը, վճռեց ամէն գնով կառչած մնալ իր իշխանութեան աթոռին եւ ընդունեց պարտուողական պայմանները, որոնք այսօր ալ կը դրսեւորուին նորանոր միակողմանի զիջումներու արկածախնդրութեան պիտակով:
Ներկայիս դէմ յանդիման կը գտնուինք նորագոյն մարտահրաւէրներու, որովհետեւ պարտուած ու ազգային գաղափարախօսութենէ պարպուած Հայաստանի իշխանութիւնները հայրենի շահերը պաշտպանելու իրենց անկարողութիւնը փաստած են, շարունակական նահանջի մէջ են միջազգային բեմերու վրայ եւ ամէն տեսակի զիջումներու ալ` պատրաստ: Իսկ Արցախի իշխանութիւնն ալ դարձուցած են կամակատար, այսպիսով նսեմացնելով Արցախի ինքնիշխանութեան մակարդակը: Բարեբախտաբար Արցախի մէջ կան նաեւ ազգային եւ ինքնորոյն ոյժեր, որոնք ամուր կանգնած են պատնէշի վրայ եւ կը սատարեն Արցախի իրաւունքներու աներեր հետապնդման:
Առաւել՝ ՀՀ իշխանութիւնները անխնայ կը հրահրեն ներազգային բաժանումները իրենց պառակտիչ կոչերով եւ նախաձեռնութիւններով, քանդումի «Բաժնէ, որ տիրես»-ի քաղաքականութիւն որդեգրելով նաեւ Սփիւռքի նկատմամբ ... մինչդեռ թշնամիներով շրջապատուած եւ մեծ հարուած ստացած մեր հայրենիքին համար աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է համահայկական կուր միասնականութիւնը:
Հակառակ այս ծանր մթնոլորտին, Հայաստան-Սփիւռք լուրջ յարաբերութիւններու չգոյութեան, ՀՀ եւ ԱՀ իշխանութեան մօտ համահայկական տեսլականի բացակայութեան, ինչպէս նաեւ թագավարակի գործած եւ շարունակուող աւերներուն, ՀՅԴ Բիւրօն փորձեց իրագործել իր համահայկական ու հայրենի նախաձեռնութիւններու մեծամասնութիւնը 2021ի ընթացքին:

Այսպէս՝

Ա) Հայաստանի եւ Արցախի կապակցութեամբ՝

Տարին յատկանշուեցաւ Հայաստանի մեր կազմակերպութեան կողմէ տարուած ջանքերով՝ ՀՀ իշխանութեան աղիտալի քաղաքականութեան դէմ ընդդիմութիւն ձեւաւորելու, ժողովրդային ցոյցեր խթանելու, երիտասարդական դիմադրութիւն ստեղծելու, ինչպէս նաեւ՝ ԱԺ եւ ՏԻՄի ընտրութիւններու աշխոյժ մասնակցութեամբ:

ՀՅԴ-ի համար Արցախը եղած է եւ կը մնայ առանցքային խնդիր եւ մշտական ուշադրութեան առարկայ։ Հակառակ պատերազմի կորուստի կապակցութեամբ ԱՀ իշխանութեան ալ ունեցած պատասխանատուութեան, 2021ի ընթացքին աշխատեցանք Արցախին խնայել նորանոր ցնցումներ եւ կեդրոնացանք վերականգնումի աշխատանքներուն վրայ: Առաւել՝ ՀՅԴ աշխարհասփիւռ ընտանիքը՝ իր հայ դատի կառոյցներով, ուղեկից միութիւններով, երիտասարդական միաւորներով եւ համակիր շրջանակով, յաւելեալ թափով լծուեցաւ Արցախի դատը հետապնդելու եւ Արցախը վերականգնելու գործին:

Տարուան ընթացքին մշակուեցաւ նաեւ ՀՅԴ քաղաքականութիւնը երեք հիմնական հարցերու նկատմամբ

Առաջինը՝ Ազրպէյճանի ճնշումով եւ Թուրքիոյ օժանդակութեամբ առաջ քաշուող հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման եւ սահմանազատման ու սահմանագծման հարցերն են եւ անոնց առնչութիւնը` Արցախի հիմնախնդրին հետ: ՀՅ Դաշնակցութիւնը ՀՀ իշխանութեան զգուշացուցած էր, որ այս պատրուակի տակ ո՛չ մէկ սահմանազատում, ո՛չ մէկ սահմանագծում պէտք է անդրադառնայ Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան խնդրին, որմով կրնայ թաղուիլ Արցախի հարցը: ՀՅԴի համար 2020ի աղէտը ճակատամարտի մը կորուստն է միայն եւ պատերազմը, բոլոր ճակատներով եւ դրսեւորումներով, դեռ կը շարունակուի անկայուն հրադադարի մը քօղին տակ:

Երկրորդը՝ վերաթարմացուող հայ-թրքական յարաբերութիւններու կծիկն է: Մենք ունեցած ենք տխուր փորձառութիւնը 2008-2009 տարիներու ընթացքին, երբ հայ-թրքական արձանագրութիւններու պիտակին տակ փորձուեցաւ կարգավորել այդ յարաբերութիւնները:

Այն օրերուն մենք յայտարարեցինք, այսօր ալ նոյն կեցուածքը ունինք, որ մենք դէմ չենք յարաբերութիւններու հաստատման, մինչեւ այն ատեն որ անոնք չեն ըլլար նախապայմաններով, մինչեւ այն ատեն, որ մենք վար չենք դներ հայ ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքները, մինչեւ այն ատեն որ չենք արտօներ, որ թրքական տնտեսութիւնը եւ ճնշումները ամբողջովին ողողեն Հայաստանը, եւ որ այդ յարաբերութիւնները չեն մշակուիր պարտադրանքի տակ: Այսօր սակայն մենք ականատեսն ենք, որ Թուրքիան ոչ միայն առաջ կը քաշէ նախկին նախապայմանները, այլեւ այսպէս կոչուած «միջանցքի» բացումն ալ հիմա աւելցուցած է այդ ցանկին: Մեզի համար յստակ է, որ պարտուած մթնոլորտի մէջ եւ թրքական ամէն տեսակի նախապայմաններու պարտադրանքին տակ կարելի չէ երեւակայել յարաբերութիւններու որեւէ բնականոնացում:
Իսկ երրորդը Հայաստանի գերիշխանութիւնը վտանգուած ըլլալու իրողութիւնն է. մենք յայտարարած էինք, որ Արցախը մեր դարպասն է եւ որ ան ՀՀ սահմաններու իսկ պաշտպանութեան առաջին գիծն է: Մեր թշնամիներու ախորժակները այսօր բորբոքած են Արցախի նկատմամբ իրենց ունեցած «յաջողութիւններու» բերումով եւ Ազրպէյճան ու Թուրքիա սկսած են թիրախաւորել նաեւ Հայաստանի տարածքը, նամանաւանդ Սիւնեաց աշխարհը:

Բ) Հայ Դատի ուղղութեամբ արձանագրուեցան կարեւոր նուաճումներ, որոնց կարգին.-

Ցեղասպանութեան ճանաչումը ամրագրող Ամերիկեան կոնգրեսի զոյգ պալատի որոշումներէն ետք Նախագահ Բայդենի պատմական յայտարարութիւնը, ինչպէս նաեւ Ադրբեջանին տրամադրուող ռազմական աջակցությունը դադարեցնելու գծով տարուող աշխատանքը.

Ֆրանսայի Ծերակոյտի կառավարութեան ուղղուած կոչը ճանչնալու Արցախի անկախութիւնը.

Բելգիայի դաշնային խորհրդարանի Արցախի հարցով բարենպաստ որոշումը.

Եւրոխորհրդարանի որոշումները եւ կոչերը ռազմագերիներու, Հայաստանի ու Արցախի անվտանգութեան, ՀՀ սահմանի նկատմամբ ոտնձգութիւններու եւ Արցախի հիմնախնդրի հարցերով.

Արցախի կարգավիճակի շարունակական արծարծումը շրջանային եւ միջազգային զանազան ատեաններէ ներս.

Մեր ստեղծած Հայ Իրաւանց Հիմնարկի տարած աշխատանքները գերիներու վերադարձի եւ Արցախի պատերազմի ընթացքին մեր թշնամիներուն գործած պատերազմական յանցագործութիւններու կապակցութեամբ.

Սեւրի դաշնագրի նուիրուած առցանց եւ վաւերագրական ժապաւէններու նախաձեռնութիւնները.

Արցախի մշակութային ժառանգութիւնը ոչնչացնելու ադրբեջանական ոտնձգութիւնները դադրեցնելու և զայն դատապարտելու արշաւը.

Արցախի մէջ Հայ դատի գրասենեակի հաստատումը.

Գիտութիւններու ազգային աակադեմիայի հետ անցեալ հոկտեմբերին կազմակերպուած Մոսկուայի ու Կարսի պայմանագրերու նուիրուած միջազգային գիտաժողովը.

Նոյեմբեր 29-էն դեկտեմբեր 3 Երեւանի, Սիւնիքի եւ Արցախի մէջ գումարուած մեր համաշխարհային ցանցի Հայ Դատի խորհրդաժողովը:


Գ) Սփիւռքի պարագային, հիմնական նախաձեռնութիւններն էին՝

Լիբանանի ու Սուրիոյ հայութեան օժանդակելու համար կազմակերպուած հանգանակութիւնները.
Սփիւռքին նոր աւիշ եւ կենսունակութիւն ներարկելու համար համահայկական խորհրդաժողով կազմակերպելու առաջարկի ձեւաւորումը եւ նախնական խորհրդակցութիւնները երկու կաթողիկոսներուն, հայ ազգային կուսակցութիւններու եւ ՀԲԸՄի հետ, որոնք կարելի չեղաւ եզրակացնել թագավարակի առթած ճգնաժամին պատճառով: Կը յուսանք, որ այս համահայկական նախաձեռնութիւնը կ'իրականանայ 2022ի ընթացքին:
Հաղորդակցութեան եւ քարոզչական արդիականացման միտող քայլերու ձեռնարկում. հարց մր ,որմով զբաղեցաւ նաեւ անցեալ հոկտեմբերին գումարուած ՀՅԴ մամլոյ խորհրդաժողովը:
Սփիւռքի մէջ նոր պառակտումներ եւ հակակշիռներ ստեղծելու ՀՀ իշխանութեան քայլերուն մեր ընդդիմութիւնը. ցաւով ականատեսն ենք, որ Հայաստանի ներքին պառակտումը կը փորձուի տարածել նաեւ Սփիւռքի մէջ, աւելի խթանելով հայրենիքէն օտարելու եւ առհասարակ օտարուելու վտանգաւոր մտայնութիւնը:

 Վերոյիշեալ վերլուծումներն ու 2021ի նախաձեռնութիւնները մեզ կ'առաջնորդեն մեր այսօրուան կարեւորագոյն դիրքորոշումներուն եւ ընելիքներուն՝

Հայաստանի մէջ պարտինք ընդլայնել դիմադրութեան շարժումը, որպէսզի բարձրանայ վերանորոգ բողոքի եւ ներկան մերժելու անհրաժեշտութեան ալիք. հայրենի ժողովուրդի դժգոհութեան դրսեւորումներուն արդէն միացած են Արցախն ու սփիւռքահայութիւնը: Պարտինք անդրադառնալ եւ համոզել ժողովուրդը, որ օրուա իշխանութիւնները շեղած են 2018-ին իրենց իսկ քարոզած սկզբունքներէն ու բարեկարգումի խոստումներէն. պայքարը փտախտի ու պետական շարաշահումներու դէմ, ընկերային, տնտեսական իրավիճակներու արմատական բարեփոխումը, ժողովրդավարութեան ամրապնդումը եւ ընդլայնումը, ընտրութիւններու ընթացքին լծակներու օգտագործման բացառումը, դատական արդար եւ անկախ համակարգի ստեղծումը եւ անձնական կապերու չարաշահումի վերացումը լոկ լոզունքային, ամբոխավարական դրսեւորումներ էին. Դժբախտաբար, Հայաստանը այսօր դարձած է մենիշխանական ամբողջատիրութիւն, ուր իշխող ընտրեալները կ'օգտուին իշխանութեան ընձեռած հնարաւորութիւններէն ու պարգեւներէն, իսկ ընկերային եւ տնտեսական ցուցանիշները աւելի կը վատթարանան. միաժամանակ՝ հալածանքը քաղաքական ընդդիմութեան դէմ, իրենց հակակշռէն դուրս գտնուող դատաւորներուն եւ արդարադատութեան համակարգի դէմ, բանակի սպաներու եւ արտգործնախարարութեան ազգային մտածողութիւն ունեցող դիւանագէտներու դէմ հասած է ճգնաժամային մակարդակի:


Որպէս հայկական արեւելումի ջատագով կազմակերպութիւն, համոզումով պիտի սատարենք Հայաստանի անկախութեան եւ ազատութեան ամրապնդման. որովհետեւ անկախ պետականութիւնը ՀՅԴ-ի համար բարձրագոյն ու բացարձակ արժէք է: Ամէն զոհողութիւն արդարացուած է պաշտպանելու համար այդ անկախութիւնը եւ իր հայրենիքին մէջ հայ ժողովուրդին ազատ, անկաշկանդ ապրելու եւ զարգանալու իրաւունքը:


Արցախի կարգավիճակը ճշդուած չէ, եւ ինչպէս նշեցինք արդէն, սահմանազատման ու սահմանագծման գործընթացքին մէջ պիտի չարտօնենք որ զոհուի անոր ապագան: Մենք աշխատելու ենք, որպէսզի վերականգնի Մինսքի համանախագահող եռեակի բանակցային գործընթացը, որպէսզի շեշտաւորուի Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը եւ որպէսզի բացառուի Թուրքիոյ առաւել ներթափանցումը Հարաւային Կովկասէն ներս որեւէ ձեւաչափով: Արցախահայութիւնը, թէեւ վիրաւոր, իր վէրքերը ամոքելու, հայկական դիմագիծը պահպանելու, իր հանրապետութիւնը լիովին վերականգնելու եւ ամէն գնով Ազրպէյճանի գերիշխանութեան տակ վերադարձը բացառելու գործին է լծուած: Ամէն գնով պարտինք համախմբել Արցախի բոլոր հոսանքները եւ խորհրդարանական ուժերը, որպէսզի ԱՀ-ի վճռակամութիւնը պահպանուի, հայկական հողին խառնուած արիւնը տայ իր արգասիքը եւ Արցախը շուտով վերագտնէ իր նախկին աշխուժութիւնն ու սահմանները նոր իշխանութեան առաջնորդութեանբ:

Ամէն գնով պարտինք հզօրացնել հայոց բանակը եւ զայն վերստին դարձնել համահայկական հոգածութեան առարկայ եւ հպարտութեան աղբիւր:
Վերականգնել ազդեցիկ եւ արհեստավարժ արտգործնախարարութիւնը. արտաքին քաղաքականության մեջ հիմնական կողմնորոշումներէն նահանջն ու պատեհապաշտ պահուածքը հանգեցուցած են Հայաստանի վարկի անկման եւ անվստահութեան՝ այն աստիճան, որ հայրենի ճակատագրի հետ կապուած որոշումներու հարցով Հայաստանի տեսակէտները կամ չեն շրջանառուիր կամ ալ ծանրակշիռ փաստարկներ չեն, քաղաքական-դիւանագիտական սեղաններու շուրջ։


Հետապնդել որ բարելաւուին եւ նոր մակարդակի բարձրացուին հայ-ռուսական եւ հայ-իրանական յարաբերութիւնները. բացառել թրքական միջամտութիւնները եւ զարկ տալ Արցախի հարցով Մինսկի խումբի համանախագահներով տարուող բանակցութիւններու աշխուժացման:
Կասեցնել ապազգային քարոզչութիւնը եւ ընդհակառակն՝ նորահաս սերունդներուն մօտ ամրապնդել հայ լեզուի, պատմութեան, արժէքներու եւ մշակոյթի գիտելիքները, հայ դատի հետապնդման անհրաժեշտութիւնը եւ հայրենասիրութեան խոր զգացումը:


Հետապնդել, որ Հայաստան-Ազրպէյճան սահմազատման եւ սահմանագծման աշխատանքները չըլլան ի վնաս Հայաստանին եւ Արցախի հիմնախնդրին. ամրապնդել Սիւնիքը եւ պայքարիլ Ազրպէյճան-Նախիջեւան միջանցքի ստեղծման ատրպէճանաթրքական պատկերացումներուն դէմ:


Սփիւռքին նոր աւիշ եւ կենսունակութիւն ներարկելու համար դիմել համահայկական նախաձեռնութիւններու: Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն հաղորդել նոր թափ, որովհետեւ յանձնառու Սփիւռքը նաեւ գրաւականն է հզօր հայրենիքի: Եւ մենք համոզուած ենք, որ չկայ Սփիւռքի օրակարգ առանց Հայաստանի ու Արցախի եւ հակառակը:

Հնարաւոր բոլոր միջոցներով շարունակել հասնիլ քաղաքական ու տնտեսական մեծ տագնապներ դիմագրաւող մեր գաղութներու կարիքներուն:

Շարունակել ներգրաւել երիտասարդութիւնը՝ իր խօսքը, կշիռը եւ գործօն մասնակցութիւնը ունենալու ազգային ու հայրենի հարցերու պարագային:

Սիրելիներ,

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան համաշխարհային ընտանիքը պատրաստ է իր բաժինը բերելու որպէսզի կերտուի արդար եւ իսկապէս ժողովրդավար Հայաստան, հզօր բանակ եւ ազգային արժէքներու վրայ հիմնուած պետութիւն՝ համահայկական օրակարգի եւ ազգային պահանջատիրութեան տեսլականով: Պատրաստ ենք անվհատ աշխատելու նաեւ, որ ողջ հայութիւնը տէր կանգնի Արցախին, վերականգնէ անոր սահմանները, գօտեպնդէ իր հողերուն կառչած ժողովուրդը եւ ամրապնդէ անոր ազգային արժանապատուութիւնը:
Մենք փակած ենք 2020ի աշնան բացուած սուգի ու ընկճուածութեան էջը եւ համոզուած ենք, որ շուտով ականատեսը կ՛ըլլանք հայուն վերապրելու եւ վերականգնելու իւրայատուկ ոգիին, վճռակամութեան ու արիութեան վերադրսեւորումներուն:
Այսօր՝ սփիւռք եւ հայրենիք, միաձուլուած, պիտի փարին հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործին, եւ անխնայ պիտի պայքարին թրքա-ազրպէյճանական հայատեաց եւ փանթուրանական ճակատին դէմ: Դժուար պայքար է, բայց` ոչ անկարելի: Ի վերջոյ բոլորս գիտենք, որ ո՛չ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, ո՛չ ալ հայ ժողովուրդը վհատած են, նոյնիսկ երբ իրենցմէ աւելի մեծ թիւով թշնամիներու դէմ պայքար մղած են եւ աղէտներէ ետք կերտած` մեծ յաղթանակներ:
Եւ այդ յաղթանակները մեր առջեւն են, որովհետեւ վստահ ենք, որ հակառակ բոլոր մարտահրաւէրներուն, մենք ազգովին պիտի կերտենք նոր արշալոյս, համախոհութեամբ ճշդելով համահայկական օրակարգ որ կարողանայ համախմբել ողջ հայութիւնը»:

 



* Հարգելի ընթերցող, մեր տեքստերում վրիպակ գտնելու դեպքում, խնդրում ենք սեղմել «Ctrl+Enter» կոճակները, և բացվող պատուհանում նշել այդ մասին. այնուհետև հաստատել` սեղմելով «Ուղարկել» կոճակը

Դիտել նաև
Orphus համակարգ